2012-04-28 12:54:02

Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի` ''Բարի Սամարացի'' Հիմնարկի Խորհրդաժողովը՝ Աչազուրկերու Հովուութեան Համար։


Վատիկանի մէջ 4 եւ 5 Մայիսին, տեղի կ'ունենայ Առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի` ''բարի սամարացի'' հիմանրկի խորհրդաժողովը։ Հանդիպումին նպատակն է, ուսումնասիրել եւ խորացնել աչազրկութեան խնամքի ու կանխատեսութեան կարելիութիւնները, առողջապահութեան արդի տուեալներու ակնկալութեամբ ու հեռանկարով, եւ միաժամանակ սերտել աչազուրկերու հովութեան երեւոյթները։ Ժողովին նպատակն է նաեւ՝ շահագրգռել ազգային ու միջազգային կազմակերպութիւնները, եկեղեցական թէ պետական մակարդակի վրայ, գործելու աչազուրկերու կեանքի պայմանները դիւրացնելու համար։
Ժողովականները Ս. Գիրքին մէջ յիշուած աչազուրկերու մասին խօսելէ ետք պիտի ուսումնասիրեն նաեւ ու անոնց հանդէպ Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը` դարերու հոլովոյթին։ Ապա շարք մը գիտական ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարուին աչազրկութենէն խուսափելու եւ բուժուելու կարելիութիւններու մասին։ Հուսկ ժողովականները պիտի լսեն աշխարհի չորս ծագերէն եկած կարգ մը աչազուրկերու փորձառութիւնները։
Խորհրդաժողովին ելոյթ պիտի ունենան աստուածա-հովուական, գիտա-բժշկական, դաստիարակչական ու ընկերային հարցերու հմուտ անձնաւորութիւններ։
Նշենք որ ''բարի սամարացի'' հիմնարկը հաստատուած է երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 2004ին , ունենալով որպէս կէտնպատակ՝ տնտեսապէս օգնութեան հասնիլ կարիքաւոր անկարներուն եւ յատկապէս սիտայի ախտէն վարակուածներուն որոնք Եկեղեցիէն կ'ակնկալեն զօրակցութեան սիրոյ ներգործութիւն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.